By Asbarez | Tuesday, 22 March 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ կուսակցութեան բաց համաժողովին ժամանակ յայտարարեց հացադուլ, զոր անուանեց «Ձօն ազատութեան»: Ան նաեւ ըսաւ, որ ինք կը փափաքի «այդ մեծ փորձութենէն առաջ ընտանիքին հետ առանձնանալ»:
«Մենք ոչ մի բան չենք հայցում, մենք ոչ մի բան չենք խնդրում եւ նոյնիսկ ոչ մի բան չենք պահանջում, այլ ակնկալում ենք, որ պետական պարտականութիւններից իշխանութեան ցուցաբերած «տէ ֆաքթօ» հրաժարումները թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին առումներով պաշտօնականացուին, իշխանութիւնը դառնայ ժողովուրդին, զոյգ նոր ընտրութիւններով՝ թող արտահերթականութիւնը իրենք որոշեն, բայց մի անգամ մեր կեանքում, մեր երեխաների կեանքում մենք մեզ վրայ պարտքն ու պարտականութիւնը վերցնենք, որ ընտրուի ճշմարիտը, ով էլ լինի», յայտարարեց Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ «Ժառանգութիւն»ը իր սխալներով հանդերձ միշտ պայքարած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու համար եւ պիտի շարունակէ նոյն կերպ՝ մինչեւ հասնի քաղաքական արդիւնքի, «մինչեւ որ Հայաստանում ժամացոյցը հնչի արդարութեան կանչով»:
Համաժողովի իր ելոյթը Յովհաննիսեան սկսաւ յայտարարելով, որ Սերժ Սարգսեանին հնարաւորութիւն տրուած է՝ դառնալ Հայաստանի իրական ժողովրդավարութեան երաշխաւորը: Ան նախագահին կոչ ուղղեց «Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումէն քսան տարի անց՝ երաշխաւորել առաջին ազատ եւ արդար ընտրութեան իրականացումը»:
Անդրադառնալով Հանրապետական, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւններու կողմէն Փետրուար 17ին ստորագրուած միացեալ յուշագրին՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Նորանկախ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները միշտ շփոթած են պետական իրենց բարձրագոյն պարտականութիւնը, անձնական ընթացիկ շահն ու կուսակցական պարտականութիւնը, որուն ամենադիպուկ օրինակը, սակայն, կոլաիցիոն իշխանութեան վերջին յուշագիրն է: Սա ժողովրդական իշխանութեան ուզուրպացման (իշխանութեան ապօրինի իւրացման) փորձ է: Մեր կեանքի բոլոր ոլորտները իւրացուած են»:
Յովհաննիսեան իր հացադուլը կը կատարէ «Ազատութիւն» հրապարակի վրայ: Ան «Հետք» լրատուական ծառայութեան թղթակիցին յայտնեց, որ որեւէ յստակ պահանջ չունի, բայց կ՛ակնկալէ, որ արտահերթ համապետական ընտրութիւններ տեղի ունենան: Յովհաննիսեան յայտնեց, որ հացադուլը պիտի շարունակէ այնքան, որքան կը կարենայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ