By Asbarez | Tuesday, 22 March 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս լրագրողներու հետ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, փորձագէտ Վահէ Սարգսեան յայտնեց, թէ Ջաւախքի իսլամականացումը լուրջ սպառնալիք է Հայաստանի համար: Անոր հաւաստիացումով, այժմ Ջաւախքի հայ բնակչութիւնը վտանգուած է ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Վրաստանի ատրպեճանաբնակ շրջանակներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Աճարիոյ կողմէ:
«Եթէ 20րդ դարի սկզբին Վրաստանում ընդամէնը 20-25 հազար ատրպէյճանցի էր բնակւում, ապա ԽՍՀՄ փլուզման ժամանակ արդէն նրանց թիւը հասել էր 300-400 հազարի», ըսաւ փորձագէտը:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ տարածաշրջանին համար մեծ վտանգ կը ներկայացնեն նաեւ մեսխեթցի թուրքերու վերաբնակեցման ծրագիրները եւ թրքական ներդրումները: Վահէ Սարգսեանի կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է առաւել աշխոյժ քաղաքականութիւն վարեն Ջաւախքի հարցով՝ ներդրումներու միջոցով, որովհետեւ տնտեսութիւնը այս պարագային քաղաքական նշանակութիւն ունի:
Իր կարգին, ջաւախքցի փորձագէտ Ղեւոնդ Մկրտչեան նշեց, թէ հայաբնակ շրջանի մը պահպանումը հայ պետականութեան պահպանման կարեւորագոյն պայմանն է. «Եթէ Ջաւախքը հայաթափուի, ապա Հայաստանը ստիպուած կը լինի խոշոր ռազմական խմբաւորում պահել Վրաստանի հետ սահմանում», յայտնեց Մկրտչեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ