Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պիտի Ոգեկոչուի Թուրքիոյ Մէջ

By Թերթ | Tuesday, 22 March 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 24ին պիտի իրականացուին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներ: Այս մասին երէկ, Երեւանի մէջ կայացող «Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցման կառուցումը Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովին ընթացքին յայտարարեց Թուրքիոյ «Պահչեշեհիր» համալսարանի Եւրոմիութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար, «Թըրքիշ Տէյլի» եւ «Վաթան» թերթերու մեկնաբան Ճենկիզ Աքթար:

Ըստ Աքթարի, ոգեկոչման արարողութիւններ պիտի իրականացուին մասնաւորապէս Թուրքիոյ վեց քաղաքներու մէջ, օրինակ՝ Պոլիս եւ Անգարա:

Ճենկիզ Աքթարի խօսքով, յառաջիկային Պոլսոյ մէջ պիտի իրականացուին նաեւ հայերուն վերաբերող ձեռնարկներ: Յատկապէս պիտի կայանայ «Ատանայի Կոտորածները» խորագրեալ գիտաժողովը, իսկ Պոլսոյ համալսարաններուն մէջ պիտի բացուին հայոց լեզուի ամպիոններ:

«Իմ կարծիքով, ամէնէն կարեւորը թուրք հասարակութեան յիշողութեան վերականգնումն է: Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ գիւղերու մէջ այդ գործընթացը աւելի արագ տեղի կ՛ունենայ. այնտեղ աւելի թարմ են յիշողութիւնները: Ասիկա երկար գործընթաց է, սակայն պէտք է փաստենք, որ սառոյցը տեղէն արդէն շարժած է», անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան ընդունման՝ յայտնեց Աքթար:

Բանախօսը յիշեցուց նաեւ, որ նախապէս 1915ի իրադարձութիւններուն մասին Թուրքիոյ մէջ որեւէ աշխատութիւն հնարաւոր չէր գրել, սակայն 1977էն ետք, երբ Պոլսոյ մէջ սկսան լոյս տեսնելու հայկական «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» թերթերը, իրավիճակը փոխուեցաւ: Այժմ Թուրքիոյ մէջ հայերը կը ճանչցուին եւ կ՛ընկալուին «Ակօս» թերթին միջոցով:

1973էն սկսեալ, թուրք հասարակութիւնը մեծ փոփոխութիւններ իրականացուցած է, իսկ 1999էն ետք, երբ Թուրքիան սկսաւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան միջազգային գործընթացին, այդ փոփոխութիւնները հասարակութեան շրջանակին մէջ նոր թափ ստացան: Ասիկա, ըստ բանախօսին, շատ կարեւոր գործընթաց է, որ այլեւս յետընթաց չի կրնար ապրիլ:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած է վերականգնելու հայերուն մշակութային յիշողութիւնը. օրինակի համար, վերականգնեցաւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, վերակառուցման փուլի մէջ է Ատանայի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, Անատոլի շրջանի մէջ նոյնպէս նման աշխատանքներ կը տարուին եւ այլն:

1915էն ետք պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ պետական պիւտճէի միջոցներով կը վերականգնի Պալեաններու կողմէ կառուցուած հայկական եկեղեցին, կը կազմակերպուին հայերու վերաբերող ցուցահանդէսներ, իսկ շարժապատկեր կը նկարահանուի Կոմիտասի մասին. «Իմ կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ հայերու յիշողութիւնը ժամանակի ընթացքին կը վերականգնի. մարդիկ սկսած են գտնելու իրենց հայութիւնը», ըսաւ ան:

Աքթար աւարտին մէջբերեց Թուրքիոյ մէջ սպաննուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի խօսքերը. «Կարեւորը ցաւը բռնի ուժով ընդունիլը չէ, այլ խնդիրն ու անոր էութիւնը հասկնալն է ու նկատելը»:

comments