By Էյ.Փի.Էյ. | Tuesday, 22 March 2011
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ճերզի Պիւզեք Հինգշաբթի, Մարտ 17ին, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք, Պիւզեք յայտարարած է, թէ Եւրոխորհրդարանը պատրաստ է աջակցելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման աշխատանքներուն, որպէսզի շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանուի:
Ան աւելցուցած է, թէ հակամարտութեան կողմերը ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնեն՝ զինեալ ընդհարումներու առաջքը առնելու համար, միաժամանակ շեշտելով, թէ շրջանին ներկայ իրավիճակը կարելի չէ անփոփոխ պահել երկար ժամանակի վրայ: «Մտահոգ ենք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ լարուածութեան մագլցումով», եզրակացուցած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ