ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ երեկոյեան, Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) կազմակերպութեամբ, Մատենադարանին առջեւ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որ շարունակուեցաւ դէպի Ազատութիւն հրապարակ երթով:
Ոստիկանութիւնը, որ շրջափակած էր հրապարակը, բանակցելէ ետք ՀԱԿի ներկայացուցիչ Լեւոն Զուրաբեանի հետ, թոյլ տուաւ ցուցարարներուն մտնելու Ազատութիւն հրապարակ, ուր նաեւ իր հացադուլը կը շարունակէր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Մատենադարանին առջեւ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին խօսք առին ՀԱԿի ղեկավարները, որոնց շարքին՝ Ստեփան Դեմիրճեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:
Նախկին նախագահին ելոյթը յայտնապէս չէր բաւարարեր ցուցարարներու մէկ մասին ակնկալութիւնները: Դժգոհներու խումբը Տէր Պետրոսեանի ելոյթը կ՛ընդմիջէր «հիմա՛» «հիմա՛» վանկարկումներով:
Տէր Պետրոսեան իր ելոյթի առաջին բաժինով ուզեց ճշդել այն թիւրիմացութիւնները, որոնք յառաջացած էին իր Մարտ մէկի հաւաքի ելոյթին շուրջ, երբ ան իշխանութեանց ներկայացուցած էր 15 պահանջներ, որոնց պատասխանը ստանալու համար ժամկէտ յայտարարած էր մինչեւ Մարտ 17ի հաւաքը:
Անդրադառնալով սոյն «թիւրիմացութեանց»՝ Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ «յայտարարութեան մէջ նշուած ժամկէտը՝ Մարտի 15ը, վերաբերում է ոչ թէ ողջ փաստաթղթին, ինչպէս ցաւալիօրէն ընկալել են շատերը, այլ միայն նրա առաջին կէտին՝ քաղբանտարկեալների ազատ արձակմանը, ինքնստինքեան հասկանալի լինելով, որ առաջ քաշուած միւս խնդիրների լուծման համար աւելի երկար ժամանակ է պահանջւում»:
Յաջորդ կարեւոր ճշդումը կը վերաբերէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջին: «Եթէ որոշ իշխանաւորների պաշտօնանկութիւնը պահանջող կէտում նշուած չէ Սերժ Սարգսեանի անունը, դա ամենեւին չի նշանակում, որ վերջինիս հրաժարականի հարցը հանուած է օրակարգից: Միթէ՞ պարզ չէ, որ քանի առկայ է արտահերթ նախագահական ընտրութիւնների անցկացման պահանջը, դա չի կարող տեղի ունենալ առանց նրա հրաժարականի», յստակացուց Տէր Պետրոսեան:
Վերջին յստակցումը կը վերաբերէր Մարտ 17ի ժամկէտին: «Յայտարարութիւնը ոչ թէ վերջնագիր է, ինչպէս սխալմամբ կարծում կամ չարամտաբար ներկայացնում են ոմանք, այլ՝ անցնցում ժողովրդավարական բարեփոխումների իրականացման ծրագիր եւ իշխանութիւն-հասարակութիւն մակարդակով քաղաքակիրթ երկխօսութիւն սկսելու առաջարկ՝ հիմնուած, առաջին հերթին, պետական շահի եւ ազգային համերաշխութեան գիտակցութեան վրայ: Վերջնագրով մենք հարկադրուած կը լինենք հանդէս գալ այն ժամանակ, երբ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը սպառուած կը համարենք», յայտնեց Տէր Պետրոսեան:
ՀԱԿի ղեկավարը Հայաստանի ներկայի ներքին իրավիճակը որակեց «պայթունավտանգ», որ ըստ իրեն, հասած է աննախադէպ աստիճանի:
ՀԱԿի իշխանափոխութիւն իրականացնելու մարտավարութիւնը բացատրելով՝ Տէր Պետրոսեան յայտարարեց, որ իրենք վճռած են իրենց իրաւունքներուն եւ արդարացի պահանջներուն տէր դառնալ «ոչ թէ ամէն գնով, այլ բացառապէս քաղաքական պայքարի օրինական միջոցներով»: Ան աւելցուց, որ «երկխօսութեան ու փոխզիջման նախաձեռնումը կամ ընդհանրապէս ներքաղաքական լարուածութեան թուլացումը, ո՛չ այնքան ընդդիմութեան, որքան, առաջին հերթին, իշխանութեան մտահոգութեան առարկան պէտք է լինի, որովհետեւ սահմանադրութեամբ նրա վրայ է դրուած երկրի անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման պատասխանատուութիւնը: Ցաւօք սրտի, մինչեւ հիմա իշխանութիւնը, բոլոր բռնապետութիւնների նման, սխալ է հասկացել այդ պատասխանատուութիւնը՝ փորձելով երկրի երեւութական կայունութիւնն ապահովել քաղաքական ընդդիմութեան հանդէպ ձեռնարկուած անօրինական միջոցներով, սկսած տեղեկատուական շրջափակումից ու հանրահաւաքների արգելումից, աւարտած սադրիչ գործողութիւններով, ոստիկանական ահաբեկումներով, հրազէնի գործադրմամբ ու բանտերով»:
Տէր Պետրոսեան շեշտեց, որ իրենք (ՀԱԿը) «շտապելու կամ իրադարձութիւնները փութացնելու խնդիր չունենք, համոզուած լինելով, որ պայքարի յաջողութիւնը կախուած է բացառապէս մեր համբերութիւնից, ինքնավստահութիւնից, սառնասրտութիւնից ու կարգապահութիւնից»:
Իշխանութեան վերաբերմունքին անդրադառնալով՝ Տէր Պետրոսեան յայտնեց. «Դատելով որոշ ազդանշաններից, մասնաւորապէս Սերժ Սարգսեանի վերջին երեք ելոյթներից (Մարտի 11, 12, 16), վարչախումբը կարծես թէ արդէն հասկացել է, որ անհնար է յաւերժ անտեսել կուտակուած խնդիրներն ու անհաղորդ մնալ ժողովրդի արդարացի պահանջներին, սակայն այդ դրական միտումը դեռեւս ապացոյցի, այսինքն՝ խօսքից գործի վերածուելու կարիք ունի»:
Տէր Պետրոսեան իր նախկին տասնհինգ պահանջներուն փոխարէն ներկայացուց երեք քայլեր, որոնց ընդառաջման պարագային՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց երկխօսութեան մտնելու իշխանութեանց հետ:
«Հրատապ լուծում պահանջող ռէալ գործերից շատերը թուարկուած են մարտիմէկեան մեր յայտարարութեան մէջ: Որպէս առաջին քայլ՝ մենք ակնկալում ենք քաղբանտարկեալների անյապաղ ազատ արձակումը, Ազատութեան հրապարակում հանրահաւաքներ անցկացնելու հնարաւորութեան ընձեռումը եւ Մարտի 1ի սպանութիւնները բացայայտելու վերաբերեալ պաշտօնական հաւաստիացումը, որոնք, կարծում եմ, այս փուլում, բաւարար հիմք կարող են հանդիսանալ իշխանութեան հետ երկխօսութիւն սկսելու համար: Մենք մաքսիմալիստ չենք եւ առայժմ իշխանութեանն անկիւն սեղմելու մտադրութիւն չունենք: Նշուած երեք պահանջները հեշտութեամբ լուծելի խնդիրներ են: Ուստի յուսանք, որ յաջորդ հանրահաւաքում, որը տեղի կ՛ունենայ ս.թ. Ապրիլի 8ին, մենք ստիպուած չենք լինի իշխանութեան հետ խօսել յիրաւի վերջնագրի լեզուով, թէեւ նրա անհաղորդութեան պարագայում դա բացառուած չէ», յայտարարեց Տէր Պետրոսեան: