ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 22 March 2011

ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները Մարտ 15-17ին հրապարակած են Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն օգտուելու Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման դրական ազդակներէն, կեդրոնացնելու ուշադրութիւնը առաջնահերթ խնդիրներու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութիւն ձեռք բերել հակամարտութեան հիմնարար սկզբունքներու հարցով։

Ըստ ԵԱՀԿի տարածած հաղորդագրութեան, համանախագահները կողմերուն հետ քննարկած են շօշափելի միջոցառումներ, որոնք ուղղուած են Սոչիի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան պարտաւորութիւններու կատարման։ Անոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին հրադադարի դրութեան խախտումներուն վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարելուն։

Համանախագահները նաեւ ընդգծած են, որ Սոչիի հանդիպումէն առաջ եւ անկէ ետք, շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերը ցոյց տուին, որ անհրաժեշտ է յաւելեալ քայլերու դիմել, եւ կողմերուն կոչ ուղղած են պահպանելու հրադադարի դրութիւնը։ Անոնք յիշեցուցած են շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու մասին առաջարկը եւ ափսոսանք յայտնած, որ այդ առաջարկը իրականութիւն չէ դարձած ցարդ, որովհետեւ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ փրկել անմեղ մարդոց կեանքը։

Համանախագահները երկու երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուցած են նաեւ հակամարտութեան գօտիին վրայ կատարուած գնահատման առաքելութեան զեկուցումը եւ նշած, որ անիկա պիտի հրապարակուի Վիեննայի մէջ, Մարտ 23ին։

comments