ՀՄԸՄ Լիբանան՝ ՀամաՀՄԸՄական 9րդ Մարզախաղերու Ախոյեան

By Asbarez | Monday, 05 August 2013

ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 3 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը։ Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ, 27 Յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկ–մարզիկուհիներ։ Մարզախաղերը ընդ-գրկեցին ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ–փոնկ, աթլեթիզմ, լող, ճատրակ եւ առաջին անգամ ըլլալով թենիս։

Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եւ բաժակներու տուչութիւնը կատարեցին Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի պատասխանատուներ։

Մարզիկներու տողանցքէն ետք, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առաւ Սեւակ Կարապետեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի մարզական ֆետերասիոններուն եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, որոնք որեւէ օժանդակութիւն չզլացան խաղերու յաջողութեան համար։

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի քարտուղարը մարզախաղերը նկատեց Հայաստան–Սփիւռք կապերու ամրապնդման միջոց եւ մաղթեց, որ չորս տարի ՀՄԸՄական մարզիկները դարձեալ իրարու հանդիպին հայրենիքի մէջ։

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ մարզախաղերու փակումով ոսկէ էջ մը կը փակուի միութեան պատմութեան մէջ։ Ստեղծուած խանդավառութիւնը այժմ կը փոխադրուի շրջաններ, ուր մարզիկներ վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յիշատակները, պատմելով իրարու եւ քաջալերելով իրենց խմբակիցները այժմէն պիտի պատրաստուին չորս տարի ետք տեղի ունենալիք համաՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն, դիտեց ան։

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք յայտնեց նաեւ ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան։ Ան ողջունեց մարզախաղերու յաջողութեան համար աշխատած ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի սկաուտական օժանդակ յանձնախումբը եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որոնք ջանք չխնայեցին մարզիկներուն հանգստութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ լաւագոյն մարզիկներու եւ ախոյեաններու անուններու յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւն։

ՀամաՀՄԸՄական մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իւրաքանչիւր մարզախաղի լաւագոյն մարզիկին շնորհուեցաւ վաստակաւոր ՀՄԸՄականի անունով մրցանակ մը՝ յուշանուէրի ձեւով։

Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

Ճատրակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Նարեկ Նաճարեան («Վարուժան Մուրատեան մրցանակ»)
Աղջկանց թենիսի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Գահիրէն Դալար Մազլումեան («Պարգեւ Պարսամեան մրցանակ»)
Տղոց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Քանատայէն Վահագն Թոնաքանեան («Ճորճ Տաղլեան մրցանակ»)
Աղջկանց փինկ–փոնկի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Լիբանանէն Դուին Մունջօղլեան («Կարօ Թիւթիւնճեան մրցանակ»)
Տղոց փինկ–փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Միսաք Պոյաճեան («Յարութիւն Գազանճեան մրցանակ»)
Աղջկանց լողի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Սուրիայէն Սերլի Մուշեղեան («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»)
Տղոց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Փիթըր Մանուշակեան («Վարդգէս Հայրապետեան մրցանակ»)
Աղջկանց աթլէթի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Լիբանանէն Լոռի Թաշճեան («Յովհաննէս Շահինեան մրցանակ»)
Տղոց աթլէթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Սերժ Քուքճեան («Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան մրցանակ»)
Աղջկանց վոլիպոլի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿէն Ժենիա Յովհաննէսեան («Գէորգ Կարապետեան մրցանակ»)
Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Փարիզէն Խաժակ Սինանեան («Վարդան Բախշեան մրցանակ»)
Կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Շարիս Ղազերի («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»)
Կրտսեր տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Թէօ Դաւիթեան («Ժիրայր Պոյաճեան մրցանակ»)
Երէց աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկուհի հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Կասիա Սարգիս («Երուանդ Տէմիրճեան մրցանակ»)
Երէց տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Նարպէյ Իպրահիմեան («Տոքթ. Միսաք Արզումանեան մրցանակ»)
ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄական հռչակուեցաւ Աւստրալիայէն Անդրանիկ Բանոյեան։

Մարզախաղերու ախոյեաններ հանդիսացան հետեւեալ շրջանները.

Ճատրակ – Լիբանան
Թենիս – Քանատա եւ Գահիրէ
Փինկ-փոնկ – Լիբանան
Լող – Թեհրանի ՀՄԱԿ
Աթլէթ – Լիբանան
Վոլիպոլ – ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երրորդ)
Ֆութպոլ – Փարիզ (առաջին), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ)
Պասքեթպոլ/կրտսեր աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Լիբանան (երկրորդ), Քուէյթ (երրորդ)։
Պասքեթպոլ/կրտսեր տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ)։
Պասքեթպոլ/երէց աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ)։
Պասքեթպոլ/երէց տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ (երրորդ)։

Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, յայտարարուեցաւ նաեւ մարզախաղերու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած շրջանին անունը։ ՀՄԸՄ Լիբանան հռչակուեցաւ համա–ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու ախոյեան իր տիրացած 3 առաջնութեան (ճատրակ, փինկ–փոնկ, աթլէթ), 1 երկրորդութեան (կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլ) եւ 3 երրորդութեան համար (ֆութպոլ, կրտսեր տղոց պասքեթպոլ եւ երէց աղջկանց պասքեթպոլ)։ Լիբանանի 95 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը Հայաստանի Ողիմպիական Կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի ձեռամբ ստացաւ յատուկ բաժակ։

Մարզախաղերու փակումէն ժամեր ետք, երեկոյեան, Աբովեանի մէջ տեղի ունեցաւ համաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ–պարահանդէսը, ներկայութեամբ 1200 մարզիկ–մարզիկուհիներու, պատասխանատուներու եւ ՀՄԸՄի բարեկամներու։ Հիւրերու շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն Մարմնի անդամ Աղուան Վարդանեան եւ ՀՄԸՄի բարերարներ։

Ճաշկերոյթին ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ– ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան։ Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկարամեայ իրենց ներդրումը ունեցած եղբայրներ։ Մանուէլ Մարսէլեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն) պարգեւատրուեցաւ «Ոսկէ շուշանածաղիկ» յուշամետալով, իսկ Մանուկ Մանուկեան եւ Աւետիս Պէրպէրեան պարգեւատրուեցան «Վարդան Բախշեան» յուշամետալով։

Ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ եւ սուրիահայ երգիչ Յովսէփ Գասպարեան։ Ճաշկերոյթին ընթացքին ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ։

comments