By Asbarez | Monday, 05 August 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Օգոստոսին Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ հանդիպման սկիզբը Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ հրաւէրը ընդունելուն եւ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելուն համար: Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Հասան Ռուհանին՝ Իրանի նախագահ ընտրուելուն համար եւ մաղթած բեղմնաւոր աշխատանք ու նորանոր յաջողութիւններ այդ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին վրայ:
Երկու երկիրներու նախագահները հանդիպման ընթացքին քննարկած են երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմ յարաբերութիւններու վերաբերող հարցեր: Անոնք ընդգծած են այն իրականութիւնը, որ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգը բաւական հարուստ է եւ կը վկայէ բաւական պատկառելի նախագիծերու իրականացման մասին:
Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուած աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար՝ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի շեշտը դրած են այդ համագործակցութիւնը նոր եւ աւելի բարձր հանգրուանի հասցնելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի ջերմութեամբ յիշած են Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով իրենց հանդիպումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած նոյն ոգիով աշխատիլ՝ հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ