By Asbarez | Monday, 28 March 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 22ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ շատերու կողմէ իբրեւ քրիստոնէական ծոմապահութիւն դիտարկուող իր հացադուլը իրականութեան մէջ կը միտի կուսակցութեան եւ ամբողջ ժողովուրդի պահանջատիրութեան:
Խուսափելու համար տարաբնոյթ շահարկումներէ, Յովհաննէսեան կէտ առ կէտ յիշեցուց իր բոլոր պահանջները.
1. Իշխանութիւնը ժողովուրդին
2. Ո՛չ կուսակցապետութեան
3. Ժողովուրդն է երկրին տէրը
4. Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ
5. Ազատ հրապարակ, ազատ քաղաքացի, ազատ երկիր
6. Ազատ քաղաքացի, անվտանգ պետութիւն
7. Արժանապատիւ ապագայ հայ երիտասարդին
8. Ժողովուրդին աշխատանք
9. SOS Հայաստանը կը հայաթափուի
10. Ո՛չ անարդարութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթին
11. Վերջ՝ իշխող փտածութեան
12. Ուժը նաեւ բարոյականութեան մէջ է
13. Ո՛չ արձանագրութիւններուն
14. Արցախի ճանաչում
15. Հրաշք մեր երկիրը՝ Հայաստանը, մեզ կը պատկանի:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ յայտնեց, թէ ինք հացադուլը շարունակելու հարցով վճռական է։ Ըստ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդին, հացադուլի ութ օրերուն ընթացքին իրեն մօտեցած են Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ, եւ կոչ ըրած՝ դադրեցնելու հացադուլը:
«Ես ըմբռնումով եւ մեծահոգութեամբ կը վերաբերիմ քաղաքացիներու եւ քաղաքական գործիչներու թէ՛ խորհուրդներուն, թէ՛ քննադատութեան: Ես՝ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, կ՛օգտուիմ իմ սահմանադրական իրաւունքէս՝ հացադուլ իրականացնելով Ազատութեան հրապարակին վրայ», յայտարարեց Յովհաննէսեան, որուն խօսքերով, հացադուլը պիտի շարունակէ այնքան ժամանակ, որքան անոր կ՛արտօնէ իր սեփական ուժը: Ան նաեւ հաղորդեց, որ բժիշկները ամէն օր կ՛այցելեն իրեն, եւ անոնց կարծիքով, իր առողջութեան վտանգ չի սպառնար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ