Թուրքերը Որքան Շուտ Ճանչնան Իրենց Անցեալը, Այնքան Լաւ՝ Ե՛ւ Իրենց, Ե՛ւ Մեզի Համար. Կ՛ըսէ Սերժ Սարգսեան

By Թերթ | Monday, 28 March 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Չորեքշաբթի օր իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մօտ Շուէտի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիանա Էանսէն (նստավայրը՝ Թիֆլիս):

Նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը եւ յաջողութիւններ մաղթած անոր՝ դիւանագիտական առաքելութիւնը իրականացնելու ընթացքին: Ան շեշտած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է Շուէտի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու, եւ կ՛ողջունէ մեր տարածաշրջանին մէջ դեսպանատուն հիմնելու շուէտական կառավարութեան որոշումը, յոյս ունենալով, որ տեսանելի ապագային Հայաստանի մէջ եւս կը հիմնուի դեսպանատուն մը:

«Շուէտ այս տարածաշրջանին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ունի: Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանը ըլլայ ամուր եւ բարեկեցիկ երկիր մը՝ սերտ յարաբերութիւններ ունենալով Եւրոմիութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ՝ իր հարեւաններուն հետ: Մենք կը փափաքինք աջակցիլ այդ գործընթացին», խօսք առնելով ըսած է դեսպան Տիանա Էանսէն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Դեսպանի խնդրանքով Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Շուէտին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ է այն բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք այդ ճանաչումով ո՛չ միայն կը յարգեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, այլեւ՝ իրենց նպաստը կը բերեն հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին:

«Որքան շուտ թուրքերը ճանաչեն իրենց անցեալը, այնքան լաւ՝ ե՛ւ իրենց, ե՛ւ մեզ համար: Մենք, իրաւամբ, անցեալով չենք ապրում, եւ դրա վառ ապացոյցը Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մեր նախաձեռնութիւնն էր, ինչը, սակայն, չի նշանակում, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար երբեւէ կարող էր դառնալ երկրորդական», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

comments