By Asbarez | Tuesday, 13 August 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց կրթաթոշակներու բարձրացման դէմ բողոքի ցոյց կատարողները 13 Օգոստոսին ընդունած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հետ իր աշխատասենեակին մէջ հանդիպելու առաջարկը:
Նշենք, որ մինչ այդ ուսանողները կը պահանջէին, որ նախարարը ինք իջնէ իրենց քով՝ պատճառաբանելով, որ հարցին քննարկումը չի կրնար քուլիսային հանդիպման ձեւով ըլլալ, այլ անոր մասնակցելու իրաւունք ունին շարժումի բոլոր մասակիցները հաւասարապէս:
Այդուհանդերձ, քանի մը հոգինոց խումբով բարձրանալով նախարարութիւն եւ հանդիպելով նախարարին հետ՝ ուսանողները անգամ մը եւս յայտնած են, որ պէտք է քննարկումը տեղի ունենայ բակին մէջ՝ բոլոր ուսանողներուն մասնակցութեամբ։
Արմէն Աշոտեանը մերժած է նախարարութենէն դուրս խնդիրը քննարկելու առաջարկը, որմէ ետք ուսանողները լքած են շէնքը, իսկ նախարարը պատասխանած է սրահին մէջ գտնուող լրագրողներուն հարցումներուն։
Ան յայտնած է, որ հանրապետութեան բազմաթիւ համալսարաններէն կրթաթոշակները սղած են միայն 5ին մէջ։
Նախարարը նաեւ դիտել տուած է, որ՝ «ուսման վարձերը թանկացել են միայն բակալաւրիատ նոր ընդունուած ուսանողների եւ մագիստրատուրայում ուսումը շարունակել ցանկացողների համար»:
Ան հաստատած է, որ վերջին տարիներուն կրթաթոշակները չեն բարձրացած բացառաբար իրենց միջամտութեամբ:
«Ամէն տարի այս հարցը բարձրացուել է, եւ մենք իրենց խնդրել ենք, որպէսզի չբարձրացնեն։ Ասել, որ կարող է ինչ որ մէկը կողմ լինել ուսման վարձերի բարձրացմանը, առհասարակ անհեթեթ է, չի կարող բանական մարդը կողմ լինել թանկացումներին», յայտնած է ան:
Նախարարը նաեւ շեշտած է, որ այս տարի ընդունուած ուսանողները նախապէս տեղեակ պահուած են կրթաթոշակներու բարձրացման մասին։ Ան նաեւ յայտնած է, որ կառավարութիւնը ընկերային յատուկ թղթածրար կը մշակէ՝ թեթեւցնելու համար կրթաթոշակներու բարձրացման ունենալիք հետեւանքները։
«Պետութիւնը պէտք է 23 տարուայ բուհական անկախութեան այս դրսեւորումը սահմանափակի, օրէնք ընդունի, որով կը սահմանուի ուսման վարձերի վերին շեմ, երկրորդ՝ պէտք է անպայման նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուեն խոցելի խմբերի ուսանողների համար, մեր գերագոյն նպատակն է, որպէսզի ոչ մի լաւ սովորող ուսանող վարձի պատճառով բուհից դուրս չմնայ, երրորդ ուղղութիւնը բուհերի բիւջէների ծախսման թափանցիկութիւնն է, մենք պէտք է ձեզ հետ միասին իմանանք, թէ բուհերը, որոնք գանձում են ուսանողից ուսման վարձերը, ինչպէս են այդ գումարները ծախսում», յայտնած է Արմէն Աշոտեանը:
Բայց եւ այնպէս, նախարարին համաձայն, համալսարանները նիւթական–տնտեսական իմաստով լաւ վիճակի մէջ չեն. այդ պատճառով ալ համալսարանական համակարգին մէջ յառաջիկային նոր ցնցուներ կ՛ակնկալուին՝ այս անգամ կրճատումներու ճամբով: Ըստ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, համալսարաններու աշխատակազմերը այսօր 10-20 տոկոսով ուռճացուած են, ընդ որում, ոչ միայն դասախօսական կազմով, այլեւ սպասարկող անձնակազմի աշխատակիցներով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ