Նախագահ Փութին Չէ Այցելած Պաքուի Նահատակներու Գերեզմանը

By Asbarez | Friday, 16 August 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս շաբաթ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ այցելած Պաքուի Նահատակներու գերեզմանատունը։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յատուկ ջանք կը թափէ, որպէսզի Պաքու այցելող օտար բարձրաստիճան քաղաքագէտներ անպայմանօրէն այցելեն Նահատակներու գերեզմաննոցը։ Ասիկա Ատրպէյճանի համար քարոզչութեան գործիք մը դարձած է: Իսկ Փութին, չայցելելով գերեզմաննոցը՝ հարուած մը հասցուցած է նախագահ Ալիեւին։

Պաքուի Նահատակաց գերեզմաննոցին մէջ թաղուած են 1990ին Պաքուի մէջ հայերու դէմ կազմակերպուած ջարդերուն ընթացքին սպաննուած այն ատրպէյճանցիները, որոնք մահացած էին՝ հայերը փրկելու նպատակով ղրկուած ռուսական զօրքին հետ բախումներուն ընթացքին։

Փութին նաեւ չէ անդրադարձած Ալիեւի կողմէ միշտ կրկնուող այն խօսքերուն, ըստ որոնց՝ Հայաստան բռնագրաւած է Ատրպէյճանի հողամասերուն 20 տոկոսը։ Միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ալիեւ կրկնած էր նոյն տեսակէտը ու ըսած, թէ ՄԱԿի բանաձեւերը չեն գործադրուիր, սակայն Փութին բնաւ չէ անդրադարձած այս կէտերուն ու պարզապէս ըսած է, թէ Արցախի հարցը պէտք է լուծուի միմիայն քաղաքական ուղիով, ինչպէս նաեւ քննադատած է յարձակողական ոճը, զոր ոմանք կը գործածեն այս հարցին մէջ։ Ակնարկութիւնը, անշուշտ, կ՛երթար ատրպէյճանցիներուն:

comments