Թուրքերը Կը Փորձեն <Կուկըլ>ը Միացնել Ուրացողներու Շարքին

By Asbarez | Friday, 14 August 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Տի.Սի.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ Ամերիկայի թուրքերը ձեռնարկած են արշաւի մը՝ փորձելով ճնշում բանեցնել համացանցային որոնման հզօրագոյն շարժիչը նկատուող <Կուկըլ> ընկերութեան վրայ, ոպրէսզի ան միանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու շարքին:

Թրքական այս արշաւը ձեռնարկուած էր ի պատասխան <Կուկըլ>ի՝ <<Վատ մի՛ ըլլար>> նշանաբանին, որուն տրամաբանութենէն մեկնելով՝ ընկերութիւնը որոշած էր արգիլել թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ զետեղուած ծանուցումները, որոնք համացանցային ուշադրութիւն կը հրաւիրէին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող կայքէջերու վրայ:

Ամէն անգամ, երբ համացանցի մէջ մտնող մը հայ, Հայաստան, կամ Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը գրեր որոնման տուփին մէջ, ի յայտ կու գային թրքական ծանուցումներ, որոնք կ՛առաջնորդեն որոնողը դէպի Ամերիկայի թուրքերու միութեան կայքէջ, ուր զետեղուած են հակահայ ու Ցեղասպանութիւնը հերքող գրութիւններ:

Այս առթիւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնած է. <<Թրքական համախմբումի՝ <Կուկըլ>ի վրայ ճնշում բանեցնելու ճիգերը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման իրենց աշխատանքները անիմաստ են ու ապարդիւն: Մենք կը գնահատենք «Կուկըլ»ի իր ծանուցումներու քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու որոշումը եւ կը յարգենք «Վատ մի՛ ըլլար» նշանաբանով ղեկավարուող սուտ ու յերիւրանք տարածող ծանուցումները դադրեցնելու իր կեցուածքը>>:

<Կուկըլ> իր այս որոշումը առած էր Յունիս 2009ին, երբ ստանալով ամերիկահայերու եւ մարդկային իրաւանց ջատագովներու կողմէ գրուած հազարաւոր բողոքի նամակներ՝ վերատեսութեան ենթարկած էր իր ծանուցումներու քաղաքականութիւնը:

Ամերիկահայերու ու մարդկային իրաւանց ջատագովներու ուշադրութիւնը այս հարցին շուրջ հրաւիրուած էր Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ եւ իր ստեղծած լրատուական ցանցին շնորհիւ:

comments