Սերժ Սարգսեան. Լաւ Սորվող Ուսանողը Նիւթականի Պատճառով Պէտք Չէ Զրկուի Կրթութիւն Ստանալու Իր Իրաւունքէն

By Asbarez | Tuesday, 27 August 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 Օգոստոսին հիւրընկալած է նախորդ ուսումնական տարեշրջանին մեծ յառաջադիմութիւն արձանագրած, ինչպէս նաեւ տեղական ու միջազգային տարբեր մրցումներուն պատուաբեր յաջողութիւններու հասած մայրաքաղաքի եւ մարզերու բազմաթիւ աշակերտներ եւ ուսանողներ:

Հաստատելով, որ ինք մեծ կարեւորութիւն կու տայ կրթական բնագաւառին եւ հպարտ է ուսանողներով՝ յայտնած է. «Հաւատացէք՝ մեր երկիրն ամէն ինչ անելու է, որպէսզի գիտութիւնը, կրթութիւնը Հայաստանում զարգանան: Մի քանի ամիս առաջ ես յանձնարարել էի հանրապետութեան կառավարութեանը միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի ոչ մի լաւ սովորող ուսանող սոցիալական պայմանների պատճառով չզրկուի կրթութիւն ստանալու իր իրաւունքից: Եւ արդէն այս տարուանից գործում են մի շարք ծրագրեր: Ծրագրեր, որոնք ընդհանրական են, նախատեսուած են բոլորի համար եւ ծրագրեր, որոնք արդէն գործում են սոցիալապէս անապահով ուսանողների համար»:

Այս առիթով ան ուսանողներն ու երիտասարդները հրաւիրած է չգոհանալ իրենց արձանագրած յաջողութեամբ, այլ մնայուն կերպով աւելիին ձգտիլ։ «Սա ձեր լուսաւոր ապագայի առաջին հաստատուն քայլն է, եւ այն պէտք է լինի յարատեւ: Մշտապէս պէտք է սովորէք: Նոյնիսկ բուհ աւարտելուց յետոյ պէտք է սովորել, մշտապէս կարդալ:

Կարդալ եւ ոչ միայն մասնագիտական գրականութիւն: Դուք փոքր, բայց մեծ մշակոյթ ու պատմութիւն ունեցող ժողովրդի արժանի ներկայացուցիչներն էք: Դուք պէտք է բազմակողմանի զարգացած լինէք, պէտք է ուրիշներից շատ տարբերուէք: Հակառակ պարագայում, մենք բոլորս՝ մեր ժողովուրդը, չի ունենայ այն ապագան, ինչի մասին մշտապէս մեր նախնիները երազել են եւ ինչի համար շատ-շատերը տուել են իրենց կեանքը», հաստատած է նախագահը։

comments