Պրայզա. Օպամա Կը Բաժնէ Իր Կարծիքը Հողերը Վերադարձնելու Շուրջ

By Asbarez | Friday, 14 August 2009

ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա 11 Օգոստոսին Պաքու այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որմէ ետք, ըստ <<Թրենտ>> լրատու գործակալութեան, յայտարարած էր, թէ <<Նախագահ Օպամա կը բաժնէ իմ այն կարծիքս, թէ Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանին վերադարձնէ բռնագրաւուած հողամասերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սարքոզի եւ Մետվետեւ նշած են Յուլիսի ընդհանուր յայտարարութեան մէջ>>։

Պրայզա լրագրողներուն ըսած է, թէ <<Միացեալ Նահանգներ ամբողջական կերպով կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի՝ մատրիտի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած խաղաղ լուծման>>։

Ան նշած է. <<Մենք մատրիտի սկզբունքներու մէկ մասը վերջնականացուցած ենք եւ զանոնք քննարկած՝ Քրաքովի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին>>։ Պրայզա ըսած է, որ Ռուսիա եւս արդիւնաւէտ ու շինիչ կերպով իրենց հետ կ՛աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար։

Ան նշած է, թէ <<Մինսկի խումբի մէջ մեր աշխատանքը միշտ ալ արդար ու շինիչ եղած է։ Մինսկի խումբը նպաստեց մերձեցնելու երկու նախագահներուն դիրքորոշումները այն հարցերուն շուրջ, որոնք պիտի նպաստեն այս տագնապի լուծման>>։

Պրայզա նշած է, որ երկու նախագահները շատ մօտ են շրջագծային համաձայնութիւն մը կնքելու քայլին։

comments

Advertisement