By Asbarez | Tuesday, 03 September 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 22րդ ամեակի առթիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը 2 Սեպտեմբերին յարգանքի տուրք մատուցեց Եռաբլուրին մէջ ննջող ազատամարտիկներու յիշատակին:
Անոնք Եռաբլուրի մէջ հայրենասիրական երգեր երգեցին, ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներուն շիրիմներուն վրայ:
«Դաշնակցութեան ուսանողական, երիտասարդական միութիւններն այցելեցին Եռաբլուր, նպատակը յարգանքի տուրք մատուցելն էր զոհերի յիշատակին, քանի որ Արցախի անկախութեան կերտողների աճիւններն այստեղ են ամփոփուած», յայտնեց «Ն. Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեանը:
3 Սեպտեմբերին ժամը 18.00ին նոյն նպատակով Հիւսիսային պողոտայի եւ Աբովեան փողոցի յարակից տարածքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մեր Արցախը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին։
Աւելի ուշ նոյն վայրին մէջ ցուցադրուեցաւ երիտասարդ բեմադրիչ æիւան Աւետիսեանի «Ղարաբաղ՝ թաքնուած գանձ» ժապաւէնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ