By Asbarez | Wednesday, 04 September 2013
Եւրախորհրդարանի Գերմանիոյ կողմէ ընտրուած պատգամաւոր, այս կառոյցի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոքի համաձայն՝ Ռուսիան շանթաժի ենթարկած է Հայաստանը՝ Մաքսային միութեան միանալու որոշում կայացնելու համար:
3 Սեպտեմբերին «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը, իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք, Պրոք ըսած է. «Ես շատ կը ցաւիմ այդ որոշման համար, քննարկած եմ այս հարցը Հայաստանի նախագահին հետ: Մենք գիտենք, որ Հայաստանի վրայ ահռելի ճնշումներ գործադրուած են Ռուսիոյ կողմէ՝ Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի վերաբերող դժուար իրադրութեան առնչուող, եւ որ այդ ճնշումները օգտագործուած են Հայաստանի նման փոքր պետութիւնը շանթաժի ենթարկելու համար, որպէսզի նման որոշում կայացուի»:
Գերմանացի պատգամաւորը ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ այդ որոշումը ըստ էութեան փակած է Հայաստանի ուղին՝ դէպի հետագայ եւրոպական համարկում:
«Ես շատ կը ցաւիմ, քանի որ իրաւաբանօրէն եւ որոշ այլ պայմաններու պատճառով կարելի չէ լիարժէք կերպով անդամակցել ե՛ւ Մաքսային միութեան, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան համակարգման համաձայնագիրին եւ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ հետագային Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ պիտի ըլլան այնպէս, ինչպէս «Եւրամիութիւնը ունի որեւէ այլ երկրի հետ, բայց առանց եւրոպական հեռանկարի»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ