Հայաստան-Դանիա՝ 0-1

By Asbarez | Tuesday, 10 September 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրէն ներս, Եւրոպայի Բ. խմբակին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Դանիոյ կազմը՝ 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով (կիսախաղ՝ 0-0):

Մրցումին ճակատագիրը որոշուեցաւ 73րդ վայրկեանին, երբ Վարազդատ Հարոյեանի մէկ կոպիտ միջամտութեան հետեւանքով, իրաւարարը «փենալթի» մը շնորհեց եւ երկրորդ դեղին քարտը տուաւ Հարոյեանին՝ զայն մրցումէն դուրս հանելով: Փենալթին կօլի վերածեց Տանիէլ Էկըր՝ կերտելով Դանիոյ յաղթանակը:

Դանիոյ կազմը այս յաղթանակով լուծեց անցեալ Յունիսին, Քոփենհակընի մէջ Հայաստանէն իր կրած 4-0 արդիւնքով պարտութեան վրէժը: Դանիոյ մարզիչ Մորթեն Օլսըն այդ պարտութիւնը նկատած էր «Դանիոյ Սեպտեմբեր 11ը»:

Այս արդիւնքով, Հայաստան իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց Երեւանի մէջ. զտումի այս մրցաշարքին, անիկա ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ ապահոված է իր դաշտին վրայ, եւ ութ մրցումներուն ընթացքին ապահոված երեք յաղթանակները՝ Մալթայի, Դանիոյ եւ Չեխիոյ դէմ, կերտած է հիւրընկալ կազմերու դաշտերուն վրայ:
Հայաստանի հաւաքականին վերջին երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 11ին ու 15ին, յաջորդաբար Պուլկարիոյ եւ խմբակի առաջատար՝ Իտալիոյ դէմ:

comments