By Asbarez | Thursday, 12 September 2013
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Թուրքիոյ քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոնը հանդիսացող Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգի Սուր քաղաքին մէջ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին տեղի ունեցաւ «Համատեղ խղճմտանք» անունը կրող յուշարձանին բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ քիւրտերուն անունով ներողութիւն խնդրեց հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ընթացքին քիւրտերու մեղսակցութեան համար, միաժամանակ խոստացաւ պայքարիլ անոնց զոհերուն վնասուց հատուցում, իսկ քիւրտերուն՝ քաւութիւն ապահովելու համար:
Տեմիրպաշ նաեւ կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ներողութիւն խնդրեն ցեղասպանութեանց համար եւ հարկաւոր քայլերը առնեն, որպէսզի իրենք եւս քաւեն իրենց անցեալի մեղքերը:
Սուր քաղաքի «Անզելէ» զբօսայգիին մէջ զետեղուած յուշարձանին վրայ գրուած է վեց լեզուներով՝ ներառեալ հայերէնով, արձանագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «Ցաւերը միասնաբար բաժնեցինք, որ մէյմըն ալ չը պատահի»:
Տեմիրպաշ աւելցուց, որ համատեղ խիղճի արտայայտութիւն հանդիսացող այս յուշարձանը նուիրուած է երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ 1915էն ի վեր ցեղասպանութեանց ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօնական խմբաւորումներու յիշատակին՝ նպատակ ունենալով հաշուետուութեան կանչել ցեղասպանութեանց պատասխանատուները: Ան նշեց, որ յուշարձանը կանգնած է ի յիշատակ հայերուն, ասորիներուն, եզիտիներուն, ալաուիներուն եւ հրեաներուն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանական արշաւին դէմ կանգնած բոլոր սիւննիներուն:
Տիգրանակերտցի հեղինակ Մկրտիչ Մարկոսեան ողջունեց յուշարձանին բացումը՝ յոյս յայտնելով, որ անոր կը յաջորդեն յաւելեալ քայլեր:
Իր կարգին, Տիարպեքիրի կրօնականներու միութեան նախագահ Զահիտ Չիֆթքուրան նախ ներողութիւն խնդրեց ցեղասպանութեանց համար եւ ըսաւ, թէ կը նախընտրէ պատմութեամբ մը արտայայտել իր զգացումները. «Ճաշարանի մը առջեւէն անցնող մարդ մը ուրախութեամբ ճաշարան մուտք կը գործէ, երբ անոր պատին վրայ կը կարդայ հետեւեալ տողը. «Դուն կ՛ուտես, թոռնիկդ կը վճարէ»: Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, երբ ճաշարանին տէրը վճարում կը պահանջէ իրմէ, ան ցոյց կու տայ պատին յայտարարութիւնը, որուն, ճաշարանին տէրը կը պատասխանէ. «Այս մէկը մեծ հօրդ կերածին համար է»: Այսօր, մենք պարտաւոր ենք վճարելու մեր մեծ հայրերու արարքներուն համար»:
(Քաղուած՝ Կիւլիսոր Աքքումի լրատուութենէն)
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ