By Asbarez | Wednesday, 18 September 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սեպտեմբեր 20ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ համազգային բողոքի շարժում, որ կը կատարուի երկրին մէջ արդարութիւնը վերականգնելու համար: Այս մասին 17 Սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, ընդդիմադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեանը:
Անոր համաձայն, կուսակցութիւնը տեղեակ պահած է քաղաքապետարանը՝ հանրահաւաքին մասին, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ այլ քաղաքական ուժեր չեն կրնան մասնակցիլ համազգային բողոքի շարժմանը. «Շատ երիտասարդներ՝ այլ կուսակցութիւններից, մասնակցելու են միջոցառմանը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ որոշ քաղաքական ուժերու դժգոհութիւնը կրնա՞յ միաւորել զանոնք՝ իշխանութեան դէմ պայքարելու, Յովհաննիսեանը յստակ պատասխան չէ տուած եւ անգամ մը եւս կրկնած է, որ «Համազգային բողոքական շարժման»ը պիտի մասնակցին տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ: Ան միաժամանակ ընդգծած է, որ ձեռնարկին օրակարգին վրայ է նաեւ Մաքսային միութեան անդամակցելու հարցը:
Հաւաքը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախութեան եւ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Անիկա պիտի կայանայ «Ազատութիւն, արդարութիւն, անկախութիւն» կարգախօսով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ