Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Լիագումար Նիստ Կը Կատարէ Երեւանի Մէջ

By Asbarez | Monday, 23 September 2013

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լիագումար նստաշրջանը ունեցաւ 14-15 Սեպտեմբեր 2013ին, Երեւանի մէջ:

Լիագումար ժողովը հանգամանօրէն քննեց Համազգայինի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան վիճակը եւ առկայ կազմակերպական խնդիրները, Համազգայինի շրջաններուն եւ կառոյցներուն  գործունէութիւնը,  կրթական հաստատութիւններուն կարիքները եւ ծրագիրները, Համազգայինի ընտանիքին մշակութային գործունէութիւնը, սփիւռքահայ երիտասարդութեան հետ Համազգայինի յարաբերութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի մէջ ծաւալուող գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի գրասենեակներուն գործունէութիւնը եւ Ամերիկայի մէջ գրասենեակ հատատելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, հաշուական, եւ շինարարական հարցեր եւ ծրագիրներ:

Իր գործունէութիւնը յատկանշող այս բոլոր մարզերուն համար լիագումար ժողովը կատարեց իր գնահատումները եւ յանգեցաւ համապատասխան եզրակացութիւններու եւ որոշումներու:

Լիագումար ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ իր գնահատանքը արձանագրեց սուրիահայ միութիւններու եւ կառոյցներու մեծ նուիրումով տարած ժրաջան աշխատանքին համար: Ժողովը հաստատեց այս դժուար օրերուն սուրիահայ համայնքին կողքին կանգնելու եւ օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Նկատի առնելով Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին պիւտճէական տագնապը, ժողովը որոշեց նիւթական յատուկ օժանդակութիւն տրամադրել անոր:

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանին հետ: Քննարկումները կեդրոնացան հասարակաց ծրագիրներու գործադրութեան ներկայ ընթացքին՝ ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային մարզերէն ներս սերտ գործակցութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:

comments

Advertisement