ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴն Հայաստանի Ազգային ժողովին կոչ ուղղած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին՝ շնորհակալական ուղերձ յղելու բոլոր այն խորհրդարաններուն, որոնք ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ապրիլ 12ին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է նաեւ, թէ ՀՀ Ազգային ժողովը պէ՛տք է կարճ ժամկէտի մէջ ճանչնայ պոնտական յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութիւնները, քանի որ այդ ժողովուրդները եւս տանջուած եւ ջարդուած են թուրքերէն:
«Թուրքիային մենք պէտք է յիշեցնենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ո՛չ միայն չի հակասում նրա շահերին, այլեւ բխում է դրանցից», ամփոփած է պատգամաւորը: