By Asbarez | Thursday, 03 October 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Այս տարուան Օգոստոսի աւարտին Հայաստանի մէջ համախառն պետական պարտքը կազմած է 1 եռիլիոն 756 միլիառ 193 միլիոն դրամ, որուն մօտ 84 տոկոսը կազմած է արտաքին պարտքը, մնացեալը՝ ներքինը: Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, տարեսկիզբին հետ բաղդատելով՝ Հայաստանի պետական պարտքը նուազած է շուրջ 8 միլիառ դրամով, ինչ որ տեղի ունեցած է արտաքին պետական պարտքի կրճատման հաշուոյն:
Հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստանի ներքին պետական պարտքը աճած է շնորհիւ պետական պարտատոմսերու նկատմամբ պահանջարկի յաւելումին: Հայաստանի արտաքին պարտքի գերակշիռ մասը կազմած է կառավարութեան պարտքը, Կեդրոնական դրամատանը՝ արտաքին պարտքի 15.9 տոկոսը:
Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի արտաքին պետական պարտքի զգալի մասը կը կազմեն բազմակողմանի վարկային ծրագիրները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ