Նալբանդեանի Հրաժարականի ՀՅԴի Պահանջը Ի Զօրու Կը Մնայ

By Asbarez | Thursday, 20 August 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 19ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայ Դատի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականի պահանջքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրակարգէն դուրս չէ եկած եւ կը շարունակէ նոյնքան հրատապ մնալ, որքան էր նախապէս:

<<Մեր կողմից հրաժարականի պահանջը նախագահին հնարաւորութիւն տալն է քաղաքականութիւնը փոխելու եւ ազդարարելու բոլորին, որ այդ քաղաքականութիւնը փոխուած է>>, յայտնած է Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը այսօր ալ կայ եւ ՀՅԴին մտահոգող զարգացումները կը շարունակուին:

<<Առաջիկայ ամիսներին մեզ սպասւում է բաւական քաղաքական տաք եղանակ, որովհետեւ ի վերջոյ պաշտօնական Երեւանը պէտք է վերջնական տեսակէտ ձեւաւորի հիմնարար սկզբունքների վերաբերեալ>>, յայտնած է Մանոյեան աւելցնելով, որ այս գործընթացը չի բխիր ԼՂ կարգաւորման տրամաբանութենէն ու հայկական շահերէն, որովհետեւ անոնք կ՛աճապարեն այլ նպատակի համար։ <<Կարծում եմ, որ մինչեւ Հոկտեմբերի սկիզբը, կողմերը դրական պատասխան չեն տայ, բայց թէ ո՞վ կը լինի առաջին ոչ ասողը՝ պէտք է սպասել ու տեսնել։ Ոչ ոք չի ցանկանայ առաջինը ասել ոչ>>, ըսած է դաշնակցական գործիչը:

Ըստ Մանոյեանի, Ատրպէյճան պէտք է ընդունի, որ Լեռնային Ղարաբաղը իր կազմէն դուրս մնայ: Նոյնիսկ <<Մատրիտեան>> փաստաթուղթի նորացուած տարբերակին մէջ այդ սկզբունքը փոփոխութեան չի կրնար ենթարկուիլ:

Մանոյեանի համոզումով, Հայաստան պէտք չէ սպասէ մինչեւ Հոկտեմբեր կայանալիք ֆութպոլի պատասխան խաղին, ան պէտք է արդէն իսկ յայտարարած ըլլար հայ-թրքական բանակցութիւններու ձախողման մասին լուրը, եւ եթէ չէ յայտարարած, ապա պէտք է անմիջապէս ընէ, որովհետեւ Թուրքիան նախապայմաններ կը դնէ՝ տապալելով բանակցութիւնները։

Մանոյեան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան կ՛ուզէ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ ինք Հայաստանի հետ երկխօսութեան մէջ է, եւ ուրիշներու միջամտութեան կարիքը բնաւ չունի, իսկ Հայաստանը, իր հերթին, պէտք է ահազանգէ, թէ՝ այդպէս չէ՛, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ գործադրուին բանակցութիւնները առաջ մղելու գծով։ Բանախօսի հաւաստումով, Ապրիլ 22ի գիշերուընէ ի վեր ոչ մէկ առաջընթաց կայ, իսկ եւրոպացի քաղաքագէտներու կարծիքով, Թուրքիան նոյնիսկ ետքայլ կատարած է։

<<Կարծում եմ նախագահը չի գնայ (Թուրքիա), քանի որ նա յայտարարել է, որ կը գնայ երբ սահմանները բաց լինեն, կամ դրա նախաշէմին կը լինենք։ Երկու դէպքում էլ ժամանակ է պէտք, իսկ այսօր մենք 60 օրից էլ պակաս ժամանակ ունենք>>, յայտնած է Կ. Մանոյեանը՝ աւելցնելով, որ պայմանագրի ստորագրումը չի նշանակեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։

comments

Advertisement