Հայաստան Իրաւունք Ստացած Է ԵՄ Երկիրներ Մեղր Արտածելու

By Asbarez | Monday, 07 October 2013

ԵՐԵՒԱՆ.– 2012 թուականէն կը նախատեսուի սկսիլ հայկական մեղրի արտածումը եւրոպական երկիրներ: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տուեալներուն, համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներու հանգրուանը արդէն իսկ աւարտած է Եւրոպական Միութեան մէջ:

Հայաստանի մէջ արտադրուող բարձրորակ մեղրի արտածումը բնականաբար պիտի նպաստէ մեղուաբուծութեան զարգացման ոլորտի ընդլայնման: Յստակացած է, որ ԵՄ յանձնաժողովի 2013/422/ԵՄ որոշմամբ Հայաստանը մաս պիտի կազմէ Եւրամիութեան երկիրներ մեղր արտածելու իրաւասութիւն ունեցող երկիրներու ցանկին:

2012 թուականին մեղրի արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ 10 անգամ նուազեցաւ՝ կազմելով շուրջ 100 թոն: Ոլորտին մէջ նման իրավիճակ ստեղծուած էր կլիմայական պայմաններուն պատճառով, քանի որ տարին մեղուաբուծութեան համար խիստ անբարենպաստ էր: Համեմատութեան համար նշենք, որ նախորդ տարիներուն երկրին մէջ արտադրուած է տարեկան 1000 թոն մեղր:

Մեղուաբոյծներու ազգային միաւորման նախագահ Թելման Նազարեանը վստահ է, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեղուաբուծութեան զարգացման համար համապատասխան տարածքներ կան, եւ այդ նպատակով ծրագիր մշակուած է:

Խօսելով մեղրի օգտակար յատկութիւններուն մասին՝ Նազարեան դիտել տուած է, որ մայրակաթի, ակնամոմի եւ մեղուաբուծական այլ մթերքներու շնորհիւ կարելի է բուժել շարք մը ծանր հիւանդութիւններ: Աւելի՛ն, առողջապահութեան նախարարութիւնը արդէն պաշտօնապէս կը թոյլատրէ առողջապահութեան մէջ օգտագործել այդ մթերքները:

Ըստ Նազարեանի, առողջութիւնը պահպանելու համար մարդուն հարկաւոր է օրական 100-120 կրամ մեղր օգտագործել: Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ մեղուաբուծական մթերքներ օգտագործելով դեղամիջոցներ կը պատրաստուին, բայց հայկական շուկային մէջ մեծ է նաեւ կեղծ արտադրութեան քանակը:

Գիւղատնտեսութեան աջակցութեան Լոռիի մարզային կեդրոնին համաձայն, Եւրամիութեան սպառողներու եւ առողջութեան պաշտպանութեան գլխաւոր տնօրէնութեան ներկայացուցած Հայաստանի մեղրին ու մեղուաբուծական մթերքը Եւրամիութեան անդամ երկիրներ արտածելու գործընթացին նախապայման հանդիսացող մեղրին եւ մեղուաբուծական մթերքներուն մէջ մնացորդային քանակներու յատակագիծը, լրացուած հարցաթերթը ու այլ փաստաթուղթերը հաստատուած են ԵՄ յանձնաժողովի եւ անդամ երկիրներուն կողմէ:

Այս յատակագիծը հրապարակուած է նաեւ ԵՄ պաշտօնական ամսագիրին մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement