Զօրի Բալայեան. «Ես Չեմ Ասել՝ Յանձնել Ղարաբաղը»

By Asbarez | Tuesday, 15 October 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Զօրի Բալայեանի համաձայն՝ իր կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած իր նամակը քննադատութիւններու դուռ բացաւ, որովհետեւ մարդիկ կը կարծեն, թէ ինք գրած է Ղարաբաղը Ռուսիոյ տալու մասին:

«Իմ նամակի մէջ նման բան չկայ», «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Զօրի Բալայեան: «Երկիր»ի թղթակիցը դիտել տուած է, որ նամակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսիոյ մաս կազմելու պարագան նկատի չէ՞ ունեցած, Բալայեան արձագանգած է. «Ո՞նց կարող էի ես դա նկատի ունենամ: Ախր նամակը չէք կարդացել…»:

Բալայեանին հարց տրուած է, որ այդ պարագային, ուրեմն ինչու մարդիկ այդպէս հասկցած են Բալայեանի միտքը: «Որովհետեւ մէկը պրովոկացիա է արել, նամակը չեն կարդացել», յայտնած է ան:

Թղթակիցը նշած է, որ թերեւս զինք սխալ հասկցած են, որովհետեւ Գիւլիստանի պայմանագիրը մէջբերած է, Բալայեան յայտնած է. «Գիւլիստանի պայմանագիրն ընդամէնը Գիւլիստանի պայմանագիրն է… Ախր չէք կարդացել նամակը, ես չեմ ասել յանձնել Ղարաբաղը, ես չեմ գրել դրա մասին, ԼՂԻՄը դա ազատագրուած հայրենիքն է, ոչ թէ՝ հողերը»:

Բալայեան նաեւ ըսած է, որ իր նամակը տագնապ է այն մասին, թէ ապագան ի՛նչ կրնայ բերել։

comments