By Asbarez | Wednesday, 16 October 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ա-դրբեջանահայ փախստականները պէտք է գրանցուեն որպէս սուբյեկտ», յայտարարած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը՝ 16 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ատրպէյճանահայերու խնդիրներու քննարկման ընթացքին:
Անոր համաձայն, ատրպէյճանահայերուն մէջ պէտք է համընդհանուր համաձայնութիւն տիրէ: «Նրանց խնդիրները լուծելու համար գոյութիւն ունի դիւանագիտութիւն՝ լինի խորհրդարանական, թէ ազգային: Պէտք է հասնել նրան, որ հայ փախստականների խնդիրները պաշտօնական բանակցութիւնների մի մաս դառնան», ընդգծած է Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է համադրել այդ բոլորին իրականացման մարտավարութիւնը: Ըստ անոր, քաղաքական ուժերը պէտք է միաւորուին, որպէսզի միասնական խումբ, միասնական ճակատ ստեղծեն: «Կը ցանկանայի, որպէսզի ներկայիս առաջին հանդիպումը հետագայ ակտիւ գործողութիւնների սկիզբ դառնայ՝ կապուած այս խնդրի հետ: Անկախ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումից, կան հարցեր, որոնք վերաբերում են մարդկանց կենսական իրաւունքներին եւ այդ իրաւունքները պէտք է պաշտպանուեն», հաստատած է Ռուստամեան:
Անոր համաձայն, պէտք է ստեղծել մէկ մարմին, որ պատասխանատուութիւն կրէ եւ հետապնդէ Ատրպէյճանի հայերուն խնդիրներուն լուծում տալը: «Ճիշդ կը լինի համաձայնեցնել բոլոր հարցերը, մշակել ընդհանուր ռազմավարութիւն եւ առաջ շարժուել», յայտնած է Ռուստամեան՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ այդ խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է պետական աջակցութիւն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ