By Asbarez | Monday, 28 October 2013
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ», «Էյ.Փի.Էյ.».- Ըստ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան՝ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28ին, Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար յայտարարեց. «Յոյս ունինք, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը»:
Ըստ դեսպանին՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նորանշանակ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք առաջադրած է նոր մօտեցումներ, որոնք հնարաւորութիւն ստեղծած են արագացնելու Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացը: Ուորլիք այդ մօտեցումները ներկայացուցած է Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր վերջին հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ եղած էր նաեւ դեսպանը:
Միւս կողմէ, Հոկտեմբեր 28ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆորի հետ, որ նախ շնորհաւորած է Ալիեւի վերընտրութիւնը եւ ապա խորհրդակցած է Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ