By Asbarez | Tuesday, 12 November 2013
ԵՐԵՒԱՆ.– Ժառանգութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծին նկատմամբ ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշման մասին խօսելով՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նկատել տուած է, որ Դաշնակցութեան մօտեցումը չէ փոխուած:
Ռուստամեան ընդգծած է, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի կրնար չմասնակցիլ քուէարկութեան եւ մասնակցելով՝ կողմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որովհետեւ հակառակ պարագային ատիկա կրնայ նկատուիլ, թէ Դաշնակցութիւնը դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման: «Չմասնակցել, նշանակում է տապալել հարցը:
Դաշնակցութիւնն իրեն այդպիսի բան չի կարող թոյլ տալ», նշած է պատգամաւորը:
Անդրադառնալով խնդիրի էութեան՝ ան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը գոհ չէ տէ ֆաքթօ եղած վիճակէն՝ Ղարաբաղի ու Հայաստանի անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման առումով: Արմէն Ռուստամեան ըմբռնումով կը մօտենայ իշխանութեան բերած փաստերուն, սակայն կան պահեր, որոնք անընդունելի են Դաշնակցութեան կողմէ: «Լուրջ խնդիր կայ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան առումով, եւ Հայաստանը պարտաւոր է դառնալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը», դիտել տուած է ան:
Ըստ պատգամաւորին, ասիկա նուազ կարեւոր չէ, քան Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը: «Այո՛, միջազգային ճանաչման առումով խնդիր ենք ունենում՝ բազմաթիւ անգամ առաջ քաշելով այս հարցը, տպաւորութիւն կարող է առաջանալ, թէ Հայաստանն ընդհանրապէս չի ուզում ճանաչել Արցախի անկախութիւնը: Պարոյր Սեւակի նկարագրած վիճակը չլինի՝ երբ է գալու հինգերորդ եղանակը, երբ բարձրացուած հարցը լուծում կը ստանայ», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ