By Asbarez | Wednesday, 13 November 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի խորհրդարանին մէջ 13 Նոյեմբերին, քուէարկութեան դրուեցաւ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու» օրէնքի նախագիծը, որ չընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ։ Օրինագիծը չէ անցած առաջին ընթերցումով, քանի որ նախագիծի օգտին քուէարկեց միայն 10 պատգամաւոր: Ոչ ոք դէմ քուէարկեց, իսկ ընդդիմադիր պատգամաւոր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալեքսանդր Արզումանեան ձեռնպահ քուէարկեց:
Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտարարեցին, որ իրենց խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին քուէարկութեան: Լեւոն Զուրաբեան յայտարարած է, որ թէեւ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման կողմնակից են, սակայն «այս պահին դա ժամանակավրէպ են համարում եւ չեն մասնակցի քուէարկութեանը»: Գալուստ Սահակեան եւս նշեց, որ «Օրինաց երկիր»ը որոշած է չմասնակցիլ:
Քուէարկութեան չմասնակցելու մասին յայտարարութիւններ կատարեցին նաեւ անկախ պատգամաւորներ Խաչատուր Քօքոբելեանը եւ Էդմոն Մարուքեանը:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը նախապէս յայտարարեց, որ իրենք կողմ պիտի քուէարկեն օրինագիծին:
Վարման կարգով ելոյթներ ունեցան նաեւ Զարուհի Փոստանջեանը եւ ՀԱԿի պատգամաւոր Հրանտ Բագրատեանը. Զարուհի Փոստանջեան կրկին փորձեց ապացուցել Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, սակայն Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան՝ դիտել տալով, որ անոնք բովանդակային քննարկում կը կատարեն, հրահանգեց անջատել անոնց խօսափողները:
Այսպիսով, քուէարկութեան մասնակցեցան 11 պատգամաւորներ, որոնց կարգին 10ը՝ Դաշնակցութիւնը, «Ժառանգութիւն»ը, ՀԱԿի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանն ու Հրանտ Բագրատեանը կողմ քուէարկեցին, իսկ Ալեքսանդր Արզումանեանը ձեռնպահ մնացած է:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան՝ «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ օրինագիծի քննարկման, ըսած է. «Այս պահին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը նպատակայարմար չէ, քանի որ գոյութիւն ունեն մի շարք կարեւոր խնդիրներ: Ես չեմ կարող մեկնաբանել այս իրավիճակն ու որեւէ սպասելիքներ չունեմ: Ցաւում եմ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի օրէնսդրական կանոնակարգը թոյլ է տալիս քննարկման ներկայացնել հարց, որի վերաբերեալ երկրի գործադիր իշխանութեան ու խորհրդարանի գլխաւոր յանձնաժողովի կողմից կայացուած եզրակացութիւնները բացասական են»։ Ան պարզաբանած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու մնայուն յանձնաժողովն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհրդարանին մէջ այս հարցի քննարկումը նպատակայարմար չեն նկատեր։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ