Ատրպէյճան Արձագանգած Է Փլասիտօ Տոմինկօ Կրստերի ԼՂՀ Այցելութեան

By Asbarez | Monday, 18 November 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երգիչ, երգահան Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւնն ու այնտեղ տեղի ունեցած համերգը զայրացուցած է ատրպէյճանցիները: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Էլման Ապտուլլայեւի, այս գծով կատարած է յայտարարութիւն մը: Այս մասին տեղեկացուցած է ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը:

Էլման Ապտուլլայեւ անգամ մը եւս խօսած է Ատրպէյճանի սկզբունքային տեսակէտին մասին, որուն համաձայն, առանց պաշտօնական Պաքուի հետ համակարգելու՝ Լեռնային Ղարաբաղ տրուած որեւէ այցելութիւն կը նկատուի անօրինական: Ան նշած է, որ իրենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրեն  Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի այցելութեան հարցը:

17 Նոյեմբերին Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսեր սկսաւ Արցախ տուած իր այցելութեան: Օր մը առաջ, Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Տոմինկօն մտահոգ չէ՞, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ելոյթ տալէ ետք կրնայ Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»ին վրայ երեւիլ, ինչպէս Մոնսերաթ Քապալիյէն եւ այլ հանրաճանաչ դէմքեր, երգիչը կէս կատակ, կէս լուրջ ըսած է. «Ես տեղական քաղականութենէն ոչինչ կը հասկնամ։

Հաւանականութիւն կա՞յ, որ զիս բանտարկե՞ն: Դէմ չեմ, եթէ ինծի բարձ եւ վերմակ, տուփ մը ծխախոտ ու սուրճ տաք: Միակ բանը, որ կ՛ուզեմ, այն է, որ յաջորդ առաւօտ զիս չգնդակահարեն»:

Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը հռչակաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի որդին է: Ան երգեր գրած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Տայանա Ռոսի, Թոնի Պենեթի, Մայքըլ Պոլթընի, Փլասիտօ Տոմինկօ աւագի եւ այլ երգիչներու համար:

comments