By Yerkir Media | Wednesday, 26 August 2009
ԵՐԵՒԱՆ, <Երկիր>, <<Նոյեան Տապան>>.- Յիշեցնելով Սեպտեմբեր 2ի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հռչակման օրը՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նշեալ օրը, ժամը 18:30ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուր հրապարակին վրայ պիտի իրականացնէ հանրահաւաք մը՝ բոլորին կոչ ընելով դրսեւորելու <<մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը>>՝ ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ, եւ կանխելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վտանգաւոր ընթացքը:
Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նշուած է.
<<Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Սեպտեմբերի 2ը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման օրն է:
Ադրբեջանի կողմից պարտադրուած պատերազմում յաղթելով եւ արտայայտելով ողջ հայութեան հաւաքական կամքը՝ Արցախը հռչակեց եւ պաշտպանեց իր անկախութիւնը: Այսօր, բանակցութիւնների նորօրեայ ակտիւացման պայմաններում, մենք պարտաւոր ենք՝
- Տէր կանգնել մեր ժողովրդի յաղթանակին եւ ստիպել յարգելու Արցախի ինքնորոշման փաստը.
- Մերժել մեզ պարտադրուող ցանկացած զիջում.
- Պահանջել բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնում՝ Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ.
Միաժամանակ նկատի ունենալով, որ չեն վերացւում հայ-թրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման ներկայ գործընթացի լրջագոյն վտանգները՝ սպասուող ֆութպոլային խաղից առաջ մենք վերստին պահանջում ենք՝
- Դադարեցնել թրքական շահերի սպասարկմանը ծառայող բանակցութիւնները.
- Թոյլ չտալ, որ Թուրքիան իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարի՝ միաժամանակ Հայաստանին զիջումներ պարտադրելով.
- Դիւանագիտական ձախողումների անմիջական պատասխանատու ԱԳ նախարարի հրաժարականը.
Հայրենակիցնե՛ր, դրսեւորենք մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան հարցում, կանխենք հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման վտանգաւոր ընթացքը:
Հրաւիրում ենք հանրահաւաքի, որը տեղի կ՛ունենայ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակում՝ <<Մոսկուա>> կինոթատրոնի մօտ, Սեպտեմբերի 2ին, ժամը 18:30ին>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ