Ճան Հեֆըրն Հայաստանի Մօտ Ամերիկայի Դեսպան Կը Նշանակուի

By Asbarez | Monday, 23 May 2011


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սպիտակ տունը Չորեքշաբթի, Մայիս 18ին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպան նշանակած է Ճան Հեֆըրնը, որուն դիւանագիտական գործունէութեան հիմնական ոլորտը եղած է արեւելեան Ասիան, սակայն ներկայիս ան ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն առաքելութեան պետի տեղակալն է, իսկ նախապէս եղած է այդ առաքելութեան քաղաքական խորհրդատուն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յոյս յայտնեց, որ Հեֆըրնի նշանակումը վաւերացնելու գործընթացին ժամանակ կը բացայայտուին անոր կեցուածքները Հայկական Ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցերու կապակցութեամբ:

Ամերիկայի ներկայ դեսպան Մերի Եովանովիչ Յունիսին պիտի աւարտէ իր պաշտօնը:

comments