By Asbarez | Monday, 25 November 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը ողջունած է Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ծաւալած տնտեսական երկխօսութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ երկկողմանի առեւտուրին ու ներդրումային գործընկերութեան: Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած են Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակէն՝ մեկնաբանելով տնտեսական հար-ցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքային խումբի նիստի արդիւնքները:
«Մենք կ՛ողջունենք այդ հանդիպումը, որ հայ-ամերիկեան տն-տեսական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ դրական իրադարձութիւն մը կը հանդիսանայ:
Բանակցութիւններուն արդիւնքները կը խոստանան քաղաքականութեան մակարդակի, ինչպէս նաեւ գործնական մակարդակի վրայ մեծապէս ընդլայնել առեւտրական ու ներդրումային գործընկերութիւնը։ Ապագայի կայուն աճին համար անոնք լաւ հիմք կը հանդիսանան», դիտել տուած է Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քէն Խաչիկեանը:
Հանդիպումին արդիւնքներուն մասին խօսելով՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան կ՛ընթանան դէպի աւելի «հասուն յարաբերութիւններ», ինչպէս նաեւ կը հեռանան «նուիրատու-ստացող» դրութենէն եւ կը կեդրոնանան գործընկերութեան սկզբունքին վրայ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ