By Asbarez | Tuesday, 26 November 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 26 Նոյեմբերին հրապարակած է «Հայաստանի սոցիալական պատկերը եւ աղքատութիւնը» վիճակագրական-վերլուծական զեկոյցը: Անիկա կը ներկայացնէ երկիրի աղքատութեան պատկերը՝ ընկերային-տնտեսական, ժողովրդագրական ու աշխարհագրական մակարդակներով:
ԱՎԾի հրապարակած զեկոյցին համաձայն՝ աղքատ կը նկատուի այն անձը, որ աղքատութեան վերին՝ ընդհանուր սահմանէն (2012ի մէկ ամսուան համար 37,044 դրամ) ցած սպառում ունի:
Շատ աղքատ կը նկատուին անոնք, որոնց սպառած գումարը ցած եղած է աղքատութեան ամէնէն ստորին ընդհանուր գիծէն (30,547դրամ), իսկ ծայրայեղ աղքատ կամ թերսնուած են աղքատութեան պարէնային սահմանէն (21,732 դրամ) ցած սպառում ունեցողները:
2012ին բնակչութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը՝ 32.4 տոկոսը նկատուած է աղքատ, անոնց 13.5ը՝ շատ աղքատ, իսկ 2.8ը՝ ծայրայեղ աղքատ: Հակառակ անոր որ 2012ին՝ 2011ին հետ բաղդատելով, աղքատութեան մակարդակը նուազած է, սակայն 2008ին հետ բաղդատելով թիւը բաւական բարձրացած է։
2012ին աղքատներուն թիւը շուրջ 980 հազար է (մնայուն բնակչութեան ցուցանիշի հաշուով), շատ աղքատներունը՝ 408 հազար, իսկ ծայրայեղ աղքատներուն թիւը կազմած է մօտ 85 հազար:
Աղքատութեան մեծ տարբերութիւն չկայ քաղաքին (32.5 տոկոս) եւ գիւղական շրջաններուն միջեւ (32.1 տոկոս):
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ