Սէյրան Օհանեանն Ու Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Քննարկած Են Պաշտպանական Համագործակցութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 03 December 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 3 Դեկտեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի զօր. Ա. Պախինին, որ Հայաստան կը գտնուի՝ Ռուսիոյ նախագահին ընկերակցող կազմին մէջ ըլլալով։

Երկկողմանի բանակցութիւններուն ընթացքին քն-նարկուած են պաշտպանական բնագաւառին մէջ համագործակցութեան հիմնահարցեր, ինչպէս նաեւ ճշդուած են պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջեւ ռազմական եւ սարքաւորումներու փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները:

Ռուսական կողմէն հանդիպումին ներկայ էին Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատար, գնդապետ Ա. Կալքինը, Հայաստանի մէջ 102րդ ռուսական ռազմակայանի հրամանատար, գնդապետ Ա. Ռուզինսքին, իսկ հայկական կողմէն՝ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դ. Տօնոյեանը, Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ, զօր. Է. Ապրիամովը, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու զօրքերու (ուժերի) միացեալ խմբաւորման հրամանատար, զօր. Մ. Գրիգորեանը եւ այլն:

comments