Ճատրակի Տղոց Հաւաքականը Յաղթեց Հոլանտային

By Asbarez | Wednesday, 04 December 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի տղոց հաւաքականը երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց՝ Հոլանտային յաղթելով 0.5-3.5 արդիւնքով: Խաղի առաջին հանգրուանը աւարտեց Տիգրան Լ. Պետրոսեանը: Սպիտակներով վարպետօրէն սկսելով խաղը՝ ան հասաւ ակնկալուած արդիւնքին: 29րդ քայլին Պետրոսեան ստիպեց Էրուին Լամին յանձնուիլ: Միաւորը կիսեց Գաբրիէլ Սարգսեանը, որ երրորդ խաղատախտակին կը մրցէր Սերգէյ Թիւեաքովի հետ: Խաղը աւարտեցաւ 43րդ հանգրուանին։
Ազգային հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեանը եւս յաղթանակով աւարտեց խաղը՝ ընդդէմ Անիշ Կիրին:

Արոնեան կը խաղար սեւ խաղաքարերով: Վլադիմիր Յակոբեանը վերջինն էր, որ աւարտեց խաղը: Աւելի քան 5 ժամ տեւած խաղին առաւելութիւնը Յակոբեանի կողմն էր: 68րդ քայլին Լիւք վան Վելին յանձնուեցաւ:

Վերջին հանգրուանին Հայաստանը պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ:

comments