2015ին Երեւանը Պիտի Հռչակուի Եւրոպական Ուսանողական Մայրաքաղաք

By Asbarez | Wednesday, 04 December 2013

Եւրոպական ուսանողական միութեան (ԵՈՒՄ) կառավարման խորհուրդը 3 Դեկտեմբերին Զակրեպի մէջ կայացած նիստին ընթացքին Երեւանը ընտրած է իբրեւ ԵՈՒՄի 2015ի գարնանային նստաշրջանը հիւրընկալող քաղաք: Միութեան մաս կը կազմեն 39 երկիրներու 47 ազգային ուսանողական միութիւններ:

Նստաշրջանի հիւրընկալման դիմում ներկայացուցած էին Հայաստանն ու Իսրայէլը. վերջինին զօրակցած են միջերկրածովեան տարածաշրջանի երկիրներու ներկայացուցիչները,  իսկ Հայաստանին՝ Կեդրոնական, Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հիւսիսային Եւրոպայի երկիրները: Փակ քուէարկութեամբ Հայաստանը ստացած է 41, Իսրայէլը՝ 26 ձայն:

comments