Արցախեան Կողմը Կ՛ողջունէ Տովիլեան Յայտարարութիւնը

By Արմէնփրէս | Monday, 30 May 2011

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, Մայիս 27ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ արցախեան կողմը դրական կը գնահատէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու առաջնորդներուն տովիլեան յայտարարութիւնը: Ան նշեց, որ յայտարարութիւնը կը պարունակէ շարք մը կարեւոր դրոյթներ: Ան առանձնացուց փոխզիջման անհրաժեշտութեան մասին դրոյթը: «Այս դրոյթն ակնյայտօրէն ուղղուած է Ատրպէյճանին, քանի որ այդ երկրին մէջ կը շարունակուի հակահայկական քարոզչութիւնը, անհեթեթ յայտարարութիւնները, ուստի հէնց Ատրպէյճանը պէտք է հետամուտ լինի այդ դրոյթի իրականացմանը», շեշտեց Դ. Բաբայեան:

Անոր խօսքով, այս յայտարարութեամբ նաեւ յստակ նշուեցաւ, որ պիտի չփոխուի բանակցութիւններու ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ պիտի չփոխուին համանախագահող երկիրները: «Վերջին շրջանում շատ էր խօսւում այն մասին, որ համանախագահութեան ձեւաչափում Ֆրանսիային կարող է փոխարինել Եւրոմիութիւնը, սակայն յայտարարութիւնը յստակօրէն ցոյց տուեց, որ դա տեղի չի ունենալու», ընդգծեց Դ. Բաբայեան եւ աւելցուց, որ Տովիլեան յայտարարութեան մէջ, նախկին յայտարարութիւններուն նման, Լեռնային Ղարաբաղը կը դիտարկուի իբրեւ հակամարտութեան կողմ, սակայն բանակցային կողմ դառնալու հանգամանքը ժամանակի հարց է։

Յիշեցնենք, որ երէկ Ֆրանսայի Տովիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Մեծ Ութեակ»ի գագաթնաժողովին ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները տարածած են համատեղ յայտարարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ՝ կողմերուն կոչ ուղղելով աւարտին հասցնելու կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն մշակումը:

«Երբ համաձայնութիւնը ձեռք բերուի, մենք պատրաստ ենք հաւաստիացնելու այդ սկզբունքներու պաշտօնական ընդունումը, համագործակցելու խաղաղ համաձայնագիրի մշակման հարցով եւ սատարելու անոր իրագործման՝ մեր միջազգային գործընկերներուն հետ համատեղ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

comments