Սերժ Սարգսեան ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալին Հետ Քննարկած Է Արցախի Հարցի Զարգացումները

By Asbarez | Tuesday, 10 December 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 Դեկտեմբերին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին:

Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ կարեւոր նկատած է անոր այցելութիւնը՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու համակողմանի եւ բազմաբնոյթ երկխօսութեան շարունակականութեան իմաստով:
Հանդիպման երկուստեք բարձր գնահատած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ներկայի մակարդակը: Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են զարգացնելու այդ յարաբերութիւնները ու երկու երկիրներուն միջեւ ընդլայնելու փոխգործակցութիւնը, մանաւանդ որ արդէն զգալի ներուժ կայ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Միտքեր փոխանակուած են  նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու շուրջ։

comments