Ընտրուած Է Արցախի ՀՅԴ Նոր Կեդրոնական Կոմիտէ

By Asbarez | Wednesday, 11 December 2013

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Դեկտեմբեր 9-10ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հերթական՝ 19րդ Շրջանային ժողովը:

Շրջանային ժողովին մասնակցած են ՀՅԴ Արցախի մարմիններէն ընտրուած պատգամաւորները, շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբացութեան պատգամաւորները, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեանը, կուսակցական պետական պաշտօնեաներ եւ հրաւիրեալ ընկերներ:

19րդ Շրջանային ժողովը ամփոփած եւ գնահատած է նախորդ երկու տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին գործունէութիւնը, քննարկած եւ ընդունած է բանաձեւեր՝ յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան համար:

Շրջանային ժողովը ընտրած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ, որուն անդամներն են՝ Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Աղաբեկեան, Արմէն Սարգսեան, Կամօ Մարտիրոսեան, Վահրամ Բալայեան, Ալեոշա Գաբրիէլեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Լեւոն Հայրեան, Արա Պուլուզեան: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուած է Դաւիթ Իշխանեանը:

comments