Ըստ Մանոյեանի՝ Հայաստան Պէտք Է Յայտարարէ իր Ձախողութիւնը

By Armen Press | Friday, 28 August 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>, <<Արմէնփրէս>>.- <<Իրաւունք դէ ֆակտօ>> մամլոյ ակումբին մէջ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր 2ին, ՀՅԴի կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ պահանջել արտաքին գործոց նախարարին հրաժարականը:
Ըստ Կ. Մանոյեանի, Թուրքիա կասեցուցած է բանակցութիւնները, եւ Հայաստան պարզապէս պէտք է արձանագրէ այդ փաստը ու յայտարարէ, թէ Թուրքիոյ պատճառով է որ բանակցութիւնները ձախողած են:

<<Եթէ մենք դա չենք յայտարարում, Թուրքիային յաջողւում է տպաւորութիւն ստեղծել, որ իբր բանակցութիւնները շարունակւում են: Ոչ միայն յաջողւում է, այլեւ, միաժամանակ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների կողմից Հայաստանի վրայ Ղարաբաղի հարցով ճնշում է կատարւում. պահանջում են ընդունել վերամշակուած հիմնարար սկզբունքները: Եթէ Հայաստանը չյայտարարի, որ Թուրքիայի կողմից խաղի կանոնների փոփոխութեան պատճառով բանակցութիւնները ձախողուել են, ապա մենք շարժուելու տեղ չենք ունենայ: Թուրքիան իր դիրքորոշումը չի փոխել եւ չպէտք է սպասել մինչեւ Հոկտեմբերի 14ի ֆութպոլային խաղը>>, յայտնած է Կ. Մանոյեան:

Դաշնակցական գործիչին համաձայն, այսօր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գործելակերպին հետեւանքով յառաջացած վտանգները ակնառու են, եւ ԼՂի հարցով ճնշումը այդ վտանգներէն մէկն է: Մինչեւ Հոկտեմբեր 14, ըստ Կ. Մանոյեանի, փորձ պիտի ըլլայ Հայաստանէն յստակ դիրքորոշում կորզելու, բան մը, որ Հայաստանի համար կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ:

comments

Advertisement