Սուրիոյ Մէջ Զոհուած Է Հայ Զինուոր Մը

By Asbarez | Monday, 16 December 2013

«Խապար Արմանի» կայքը կը հաղորդէ, թէ անցնող օրերուն, Սուրիոյ մէջ զոհուած է Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Հայկ Օքարտէշեանը:

Հայ զինուորը, իր մահէն առաջ ընկերներէն խնդրած է իր դագաղը սուրիական դրօշով եւ եռագոյնով ծածկել: Նշենք, որ, Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած է 65 հայ քաղաքացի եւ 15է աւելի հայ զինուոր:

comments