Ըստ Պաքուի՝ Խաղաղապահներու Հարց Չի Քննուիր

By Asbarez | Friday, 28 August 2009

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով, Հինգշաբթի, Օգոստոս 27ին յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով առաջ տարուող բանակցութիւններուն ընթացքին, շրջանին մէջ խաղաղապահ ուժեր հաստատելու հաւանականութիւնը չի քննուիր:

Ան աւելցուց, թէ բանակցութիւններուն յաջորդ հանգրուանը պիտի սկսի, երբ կողմերը համաձայնութիւն գոյացնեն հիմնական սկզբունքներուն շուրջ, եւ միայն նախնական համաձայնութեան գոյացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ քննել համաձայնութիւնը իրականացնելու մանրամասնութիւնը եւ այդ հանգրուանին կարելի պիտի ըլլայ օրակարգի վրայ դնել խաղաղապահներուն հարցը: Այն ատեն է, որ պէտք է քննել, թէ՝ որո՞նք պէտք է ծառայեն խաղաղապահ ուժերուն մէջ, եւ պէտք է ճշդուին խաղաղապահներուն թիւն ու իրաւասութիւնները:

Ան նաեւ <<ոչ շինի>>չ համարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Հայաստան կրնայ Լեռնային Ղարաբաղին անկախութեան ճանաչում շնորհել, եթէ բանակցութիւնները անել կացութեան մատնուին:

comments