Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Եւրոդատարանի Վճիռը

By Asbarez | Wednesday, 18 December 2013

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը 17 Դեկտեմբեր 2013ի իր վճիռով հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ: Ըստ անոր, Լօզանի դատարանի 2007ի վճիռը՝ Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տօղու Փերինչեքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչեք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանգաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն է Եւրոպայի տարածքին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ղեկավարուող ժխտողականութեան հոսանքին եւ յաւելեալ ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց: Անգամ մը եւս պահուըտելով ազատ խօսքի իրաւունքին ետեւ՝ օրինակ առնելով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի մօտեցումը, եւրոպական դատարանը իր տխրահռչակ այս որոշումով կ՛ոտնահարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ յաջորդական սերունդներուն արժանապատուութեան իրաւունքը:

Այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական իրաւունքին, ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ հայութեան յետագայ քայլերը եւ միջոցները՝ իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ: Իսկ միւս կողմէ, տխրահռչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայներուն:

Աւելի՛ն: Եւրոպական դատարանը յայտարարելով, որ «ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր», ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փերինչեքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: Այս նոյնանման մօտեցումը անընդունելի է ու խստիւ դատապարտելի: Ու տակաւին, նոյնքան դատապարտելի է եւրոպական դատարանի այն զգայացունց մօտեցումը, ըստ որուն՝ «պէտք է տարբերել այս հարցը հրեաներու Ողջակիզման դէմ ժխտողականութենէն»: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման տարբերակում՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն դատարանին կողմէ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակը, Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Պրիւքսէլի Գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր բոլոր կարողականութիւնը պիտի դնէ եւրոպական դատարանի անընդունելի այս որոշումին դէմ: Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու եւրոպական դատարանին: Այս առումով, տեսակցութիւն պահանջուած է առաջին հերթին Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ՝ ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերիական իշխանութիւններէն: Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնական Երեւանի կողմէ, միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ:

18 Դեկտեմբեր 2013
ՀՅԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement