Ցեղասպանութեան 100ամեակի Պետական Յանձնաժողովը Կը Գումարէ Իր Անդրանիկ Նիստը

By armenia.com.au | Tuesday, 07 June 2011


ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 30 Մայիսին, Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Հանրապետութեան նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընդլայնած է իր կազմը՝ ընդգրկելով նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան տնօրէններու խորհուրդի տեսուչ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իրլանտայի եւ հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Մարտին Եսայեանը եւ Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան  նախ ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ընդունեցին յանձնախումբին մաս կազմելու իր առաջարկը եւ յատկապէս անոնց, որոնք յատուկ այս անդրանիկ նիստին մասնակցելու համար ժամանեցին Հայաստան: Նախագահը մասնաւորապէս ըսաւ. «Այլ բան չէի ակնկալեր, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութենէն 96 տարի անց տակաւին բաց է բոլորիս՝ իւրաքանչիւր հայու համար: Բաց է, քանի որ կարելի չէ ընկալել եւ հասկնալ պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ծրագրուած եւ իրականացուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Բաց է, քանի որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած ոճիրին հետեւանքները մինչեւ այսօր չեն վերացուած՝ հակառակ իննուկէս տասնամեակներուն: Բաց է, քանի որ այսօր կան մեծ եղեռնը իրականացնողներու ուրացող հետեւորդներ, որոնք ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր հայոց պատմութեան այս սեւ էջը խեղաթիւրելու համար: Բաց է, քանի որ Մեծ եղեռնը ուրացողները մեր ողբերգութիւնը կը դիտեն իբրեւ զուտ միջազգային քաղաքականութեան մէջ իրենց համար անյարմարութիւններ ստեղծող երեւոյթ եւ չեն ընկալեր իրենց ապաշխարանքով հատուցելու անհրաժեշտութիւնը»:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայերը խաղաղ ժողովուրդ են, անոնք պատրաստ են իբրեւ հաւասարը հաւասարի հետ, արժանապատուութեամբ խօսելու, քննարկելու եւ համագործակցելու բոլորին, ներառեալ՝ իրենց դրացիներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ անկախ ամէն բանէ, «մենք երբեք պիտի չհանդուրժենք  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անարգանքը անմեղ նահատակներու յիշատակին նկատմամբ»:

«Մենք պատասխանատու ժողովուրդ ենք, որ վերապրելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անցնելով 20րդ դարու բազմաթիւ արհաւիրքներէն, անկախ, հպարտ եւ յաղթական մուտք գործեց 21րդ դար: Դառնալով միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ, մենք երբեք չկուրցանք մեր վիշտէն, երբեք երես չթեքեցինք այլ ժողովուրդներու տառապանքներէն, այլ հետեւողականօրէն պնդեցինք ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ անխուսափելի պատժումին անհրաժեշտութիւնը», նշեց նախագահ Սարգսեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի առաջին նիստի օրակարգային հարցերու շարքին յանձնախումբի քարտուղար, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան զեկուցեց 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման, պետական յանձնախումբի խորհրդատուական խումբ ձեւաւորելու առնչուած հարցերուն մասին: Անկէ ետք Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբէան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող շրջանային յանձնախումբերու ձեւաւորման եւ իրականացուող աշխատանքներու համադրման վերաբերեալ հարցը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յանձնախումբին ներկայացուց արտերկրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող զեկոյցը:

comments