By Asbarez | Tuesday, 07 June 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան յայտարարեց, որ Երկուշաբթի, Յունիս 6ին նախատեսուած Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի Հայաստան այցելութիւնը յետաձգուած է՝ կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւելի յարմար ժամանակ մը։
Ահմատինեժատ Հայաստան իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ահմատինեժատի Հայաստան այցելութիւնը յետաձգուած է, որովհետեւ հայկական կողմը չէր պատրաստած այն փաստաթուղթերը, որոնք պէտք է փոխանակուէին այցելութեան ընթացքին։ Իրանի նախագահի աշխատակազմէն աղբիւրներ յայտնած են, թէ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ այն ատեն, երբ փաստաթուղթերը պատրաստ ըլլան։
Նշենք, որ նախագահ Սարգսեան Մարտ 27ին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էր Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցած էր իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ