By Asbarez | Thursday, 26 December 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Չան Վանցիւանը 26 Դեկտեմբերին ստորագրած են Չինաստանի կողմէ Հայաստանին անհատոյց տրամադրուող տարեկան ռազմական օգնութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը՝ 5 միլիոն չինական եուանի չափով (800,000 տոլար):
Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Չինաստանի կեդրոնական ռազմական խորհուրդի նախագահի տեղակալ զօր. Սույ Ցիլեանի եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Չան Վանցիւանի հետ:
Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են հայ-չինական պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները: Յատկապէս քննարկուած են նաեւ ռազմական, կրթութեան, բժշկութեան, մարտական պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ ռազմական սարքաւորումներու առնչութեամբ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ