Վահան Յովհաննիսեան Նշանակուեցաւ Գերմանիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան

By Asbarez | Monday, 30 December 2013

 

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Պերլին):

Նախագահ Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագիրով Արմէն Մարտիրոսեան ազատ կացուցուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն: Տակաւին որոշում չկայ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Վահան Յովհաննիսեանը խորհրդարանին մէջ:

comments