By Asbarez | Friday, 03 January 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Դեկտեմբերին մասնակցած է պաշտպանութեան բանակի միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարներուն եւ 4րդ պաշտպանական շրջանի անձնակազմին արժէքաւոր նուէրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Արցախի բանակը հանդիսանում է համայն հայութեան հպարտութիւնը, քանի որ նա պաշտպանում է ոչ միայն Արցախի սահմանները, այլեւ ողջ հայ ժողովրդի արժանապատիւ ապագան»:
Ան ընդգծած է, որ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացումը, սպառազինութեան արդիականացումը յետ այսու եւս պիտի ըլլան Արցախի պետականաշինութեան առանցքային ուղղութիւններէն:
Ան շնորհաւորած է զինուորները՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն, ուժ ու կորով, առողջութիւն եւ ամենայն բարիք:
Հանդիսութեան մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, Հայաստանի վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ